2010-12-31 12:06:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի փոքրիկ երգիչները` ''երգեցէք գովքը Տիրոջ''


Հինգշաբթի 30 դեկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը\ Պօղոս Զ-ի անուան սրահաին մէջ ընդունեց աւելի քան 4.500 փոքրիկ երգիչներ, որոնք Հռոմ ժամանած են մասնակցելու միջազգային հաւաքին։ Արդարեւ փոքրիկ երգիչներ 36րդ միջազգային հաւաքը սկսաւ 29 դեկտեմբերին ունենալով որպէս բնաբան ''Աստուած սէր է''։
Ինիսուն երգչախումբերու փոքրերու եւ անչաբահասներու հանդիպումը վերջ կը գտնէ յառաջիկայ մէկ յունուար 2011։
Անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներեն, գերմաներէն, փորթուկալերէն, լեհերէն եւ ուկրաներէն լեզուներով անոնց ուղղած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. <<ձեր ձայնը ու տաղանդը գործածելով Տիրոջ գովքը ու փառքը հիւսելու, ձեր ձայնը կ'ընծայէք բոլոր մարդոց Աստոծույ սիրոյն տաղերը փառաբանելու ու երգելու բաղձանքով ։ Գեղեցիկ երաժշտութիւնը կարող է արտայայտել Աստուծոյ սիրոյ մէկ խորհուրդը մարդոց հանդէպ ու մարդը մօտեցնելու Աստուծոյ, ընդգծելով թէ փոքրիկ երգիչներու երգեցողութիւնը ծառայութիւն մըն է եւ նախաճաշակ երկնային ծիսակատարութեան։
''Փոքիկ երգիչներ'' ու հիմնադիրն է հայր Մայիէ (1896-1963)։ Անոր գնահատումով երգչախումբերը կարող են յուզել մարդոց սիրտը ու առաջնորդել զանոնք դէպի Աստուած։ Ան փոքրիկ երգիչներ ընկերակցութիւնը հիմնեց համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, այն համոզումը ունենալով թէ ''վաղը երիտասարդութիւնը պիտի երգէ խաղաղութիւնը''։ Ներկայիս փոքրիկ երգիչներ դաշնակցութիւնը ունի 800 երգչախումբեր բաժնուած երկրագունդի 30 երկիրներու մէջ եւ կը հաշուէ աւելի քան 30.000 անդամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.